ԵՐԵՒԱՆ, 4 յունիսի - Sputnik. Անգարայի ամրոցին մէջ գտնուող շինութիւն մը վաճառքի հանուած է 12 միլիոն լիրայով (2 միլիոն տոլար): Այս մասին կը տեղեկացնէ Hurriyet-ը:
Նշուած է, որ յիշեալ շինութիւնը դեռ 1555-էն կը յիշատակուի որպէս հայկական եկեղեցի: Շէնքը գրանցուած է որպէս եկեղեցի եւ գնորդը պէտք է օգտագործէ միայն զբօսաշրջութեան համար:
Այս ուղղութեամբ որոշ ճանապարհորդներ յօդուածներ գրած են, որ կառոյցը տարիներ շարունակ օգտագործուած է որպէս եկեղեցի: Այն ունի ընդարձակ բակ: Բակին մէջ կան հին Անգարայի տուներ:
Անգարայի ամրոցին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ վաճառքի համար պատրաստուած գրքոյկին մէջ գրուած է, որ ամրոցին մէջ կայ փոքր եւ մութ հայկական եկեղեցի մը: 1716-ին ֆրանսացի զբօսաշրջիկ Թրոնֆորտը ամրոցին մէջ կը յիշատակէ հայկական եկեղեցին: Հետեւաբար, այս շէնքը կառուցուած է որպէս եկեղեցի եւ երկար տարիներ օգտագործուած է այդ նպատակով: