00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
10:10
50 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:21
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Մամուլի տեսություն
10:48
17 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
11:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
13:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Երեւանի մէջ կը պայքարին քաղցր բամբակին դէմ. ի՞նչ կը մտածեն վաճառողները. լուսանկարներ

© Sputnik / Aram NersesyanПродажа сахарной ваты на площади Республики
Продажа сахарной ваты на площади Республики - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Մարդիկ (հիմնական` երեխաները) չեն կրնար անտարբեր անցնիլ փայտիկին վրայ փաթթուող, ելակի կամ պանանի համով գոյնզգոյն ու քաղցր թելիկներու կողքով: Sputnik Արմենիայի թղթակիցը փորձած է պարզել` քաղցր բամբակը վտանգաւոր է, թէ ոչ:

Լաուրա Սարգսեան, Sputnik Արմենիա

Երեխաներու եւ մեծահասակներու սիրած քաղցրաւենիքը` քաղցր բամբակը, մօտ ապագային կրնայ վերանալ Երեւանի փողոցներէն: Արտադրողներուն համար սա շահութաբեր գործ է, երեխաներուն համար` սիրելի աղանդեր, իսկ Երեւանի քաղաքապետարանին համար` ապօրինի վաճառք եւ առողջութեան համար վնասակար քաղցրաւենիք:

Օրեր առաջ Երեւանի քաղաքապետարանը Facebook ընկերային ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ քաղցր բամբակին նուիրուած տեղեկագրութիւն մը  հրապարակած էր՝ նշելով, որ բամբակը կ’արտադրուի առողջապահական չափանիշներու խախտումներով: Աւելին` ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան գլխաւոր մասնագէտ, տեսուչ Արմէն Գալստեան խորհուրդ կու տայ ծնողներուն, որ կտրականապէս հրաժարին քաղցր բամբակ գնելէն, քանի որ անով կը վտանգեն իրենց երեխաներուն առողջութիւնը:

«Գուցէ վաճառողը կամ արտադրողը հիւանդ են հիւծախտով: Մի՛ գնէք այն յանուն երեխաներու անվտանգութեան», – կը յորդորէ Գալստեան:

Քաղաքապետարանը մտադիր է օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ հանդէս գալ, որպէսզի կանխէ փողոցային ապօրինի առեւտուրը եւ թոյլ չտայ մայրաքաղաքն արեւելեան շուկայի վերածելու:

Միեւնոյն ժամանակ քաղցր բամբակ արտադրողներն ու վաճառողները համաձայն չեն քաղաքապետարանի դիրքորոշման հետ: Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին անոնք բացատրեցին, թէ ինչու:

Վիճայարոյց բամբակը

Քաղցր բամբակը կը վաճառուի քաղաքի կեդրոնի տարբեր հատուածներու մէջ: Այդ գործով կը  զբաղի նաեւ Գրիգոր Խաչատրեան:

© Sputnik / Aram NersesyanՔաղցր բամբակը կը վաճառուի քաղաքի կեդրոնի տարբեր հատուածներու մէջ
Երեւանի մէջ կը  պայքարին քաղցր բամբակին դէմ. ի՞նչ կը մտածեն վաճառողները. լուսանկարներ - Sputnik Արմենիա
Քաղցր բամբակը կը վաճառուի քաղաքի կեդրոնի տարբեր հատուածներու մէջ

Խաչատրեանի աշխատանքային օրը կը սկսի երեկոյեան ժամը 18:00–ին եւ կ’աւարտի 22:00–ին: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ  Գրիգորը փոքրիկ բեռնատարի մէջ  կը բանայ  իր սեղանիկը, ուր ալ կը պատրաստէ քաղցր բամբակը: Այս գործով կը զբաղի վերջին տարիներուն, եւ սա անոր եկամուտի միակ աղբիւրն է:

«Քաղաքապետարանէն եկան, ըսին` փակէք: Ես անոնց կը յարգեմ, կը փակեմ եւ տուն կ’երթամ, յետոյ կրկին կու գամ: Իսկ ի՞նչ ընեմ: Չապրի՞մ: Ինծի կ’ըսեն, որ բամբակը վաճառել չի կարելի, փողոցը փոշոտ է, բեռնատարը չի համապատասխաներ առողջապահական չափանիշներուն: Եթէ այդպէս է, ուրեմն խանութի մէջ ալ հաց գնել չի կարելի, չէ՞ որ այնտեղ եւս փոշոտ է», – ըսաւ Խաչատրեան Sputnik Արմենիայի թղթակիցին հետ զրոյցին:

Ան կը հասկնայ քաղաքապետարանի աշխատակիցներու դիրքորոշումը. անոնք իրենց աշխատանքը կը կատարեն: Բայց չի հասկնար` ինչպէս կրնայ յաճախորդին աչքին առջեւ պատրաստուած բամբակը կեղտոտ ըլլալ: Այլ հարց է, եթէ այն փաթեթաւորուած չէ եւ երկար ժամանակ բաց վիճակի մէջ  մնացած է:

Զրոյցը կ’ընդհատեն յաճախորդները: Երեխաները կը սպասեն, որ Գրիգորը քաղցր բամբակ պատրաստէ:

«Ասիկա` քեզի, այս ալ` քեզի, – կ’ըսէ Գրիգորը, կը բաժնէ փայտիկով բամբակը եւ կը շարունակէ,– կը տեսնէ՞ք, ի՞նչ կ’ըսէի»:

© Sputnik / Aram NersesyanՔաղցր բամբակը կը վաճառուի քաղաքի կեդրոնի տարբեր հատուածներու մէջ
Երեւանի մէջ կը  պայքարին քաղցր բամբակին դէմ. ի՞նչ կը մտածեն վաճառողները. լուսանկարներ - Sputnik Արմենիա
Քաղցր բամբակը կը վաճառուի քաղաքի կեդրոնի տարբեր հատուածներու մէջ

Ան կը խոստովանի, որ գործը շահութաբեր է, աշխատանքային օրերուն մինչեւ 10 հազար դրամ կը վաստակէ, տօն օրերուն`  աւելի շատ:

Գրիգորի հետ համակարծիք են նաեւ Երեւանի կեդրոնական փողոցներէն մէկուն մէջ տեղակայուած բեռնատարին մէջ  աշխատող վաճառողները:

«Շաքարի հատիկները կրակի հզօր հոսքի եւ տարայի արագ պտոյտներու ժամանակ երկար թելիկներու կը  վերածուին, որոնք կը փաթթուին փայտիկի վրայ: Եթէ տարան աղտոտ ըլլայ, ապա դուք անմիջապէս բամբակին վրայ կեղտ կը տեսնէք», – Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցին կը բացատրէ վաճառող Էրիկը (անունը փոխուած է):

Ան կը նշէ, որ իր բեռնատարին մէջ  պահպանուած են բոլոր  առողջապահական չափանիշները: Ինչ կը վերաբերի գոյնին եւ համին, ապա շաքարին սննդային ներկանիւթ կ’աւելցնեն, որ հրուշակագործները կ’օգտագործեն աղանդեր պատրաստելու համար:

Փոփոխութիւններ կը պահանջեն

Այս գործին մէջ  ներգրաւուած միւս քաղաքացիները կը կարծեն, որ քաղաքապետարանը պէտք է փոփոխութիւններ նախաձեռնէ, բայց այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք թոյլ կու տան մարդոց աշխատելու:

«Դուք կրնաք պաղպաղակ կամ հոթ–տոկ գնել եւ ուտել փողոցին մէջ: Ի դէպ` ձեր ուտելու ընթացքին կրնայ քամի բարձրանալ եւ փոշոտել մթերքը: Իսկ ի՞նչ  պէտք է ընել այդ պարագային», – կը հարցնէ վաճառող Հայկը (անունը փոխուած է):

Անոր զայրացուցած է քաղաքային իշխանութեան նախաձեռնութիւնը: Անոր կարծիքով` չի կարելի սկիզբը թոյլ տալ, յետոյ փակել սեղանիկը` առանց այլընտրանք առաջարկելու: Հայկը կ’ուզէ աշխատիլ այս գործով եւ պատրաստ է վճարել յարկերը, օրինականացնել վաճառքը: Ան կոչ կ’ընէ զբօսայգիներու եւ պուրակներու մօտ տօնավաճառներ բանալ, ուր մարդիկ կրնան աշխատիլ, ոչ թէ իրենց ապրանքը վաճառեն ուր պատահի:

Հայկը կը կարծէ, որ քաղցր բամբակը երեխաներու սիրած քաղցրեղէններէն ամենաանվտանգն է: Աւարտին կ’աւելցնէ` յամենայնդէպս բամբակին մէջ քաղցրի պարունակութիւնն աւելի քիչ է, քան քոնֆետներու  եւ աղանդերու մէջ:

Լրահոս
0