00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:25
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
31 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
10:05
36 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
4 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
13:07
0 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
17:08
0 ր
Տեր Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանյան
17:12
2 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
10:10
50 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
9 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
6 ր
Արմենուհի Տիգրանյան
«Ցեղասպանություն է նաև ինքնության վերստեղծման խոչընդոտումը»․ մշակութաբան Արմենուհի Տիգրանյան
23:44
15 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Հայաստանի մէջ վարորդներու տուգանքները կը նուազին, բայց վարորդական իրաւունքէն կը զրկուին

© Sputnik / Rouben AbrahamianДорожно-транспортное происшествие на проспекте Мясникяна (9 апреля 2019). Еревaн
Дорожно-транспортное происшествие на проспекте Мясникяна (9 апреля 2019). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
ՀՀ ոստիկանութիւնը ընդհանուր փոփոխութիւններ կ’առաջարկէ Ճանապարհային երթեւեկութեան օրէնքներուն մէջ: Նոր փոփոխութիւններու հետեւանքով վարորդներուն կը տրուին միաւորներ, իսկ խախտման պարագային` կը զրկուին ատոնցմէ:

ԵՐԵՒԱՆ, 16 մայիսի — Sputnik. ՀՀ ոստիկանութիւնը լայնածաւալ փոփոխութիւններ  կ’առաջարկէ ճանապարհային երթեւեկութեան եւ անվտանգութեան  շարք մը օրէնքներու մէջ:

Артавазд Саакян, владелец орбушившегося дома в селе Хнаберд, Арагацотн - Sputnik Արմենիա
12 օր է` ինքնաշարժի մէջ կը քնանամ. 1 օրուան մէջ «փլեցան» Սահակեան ընտանիքի ծրագիրները

Օրինագիծերու ծրագրաշարով առաջարկուող փոփոխութիւններն այսօր կառավարութեան նիստին ներկայացուց ՀՀ ոստիկանապետի տեղակալ Յովհաննէս Քոչարեան:

Անոր խօսքով` նոր օրէնքով կը նախատեսուի 100 խախտումէն 26–ի պարագային նուազեցնել այսօր գործող տուգանքներու չափերը` 10–ի պարագային` մինչեւ 50 տոկոսով, 16-ի պարագային ` 50 եւ աւելի տոկոսով:

«Մեր կանխատեսումներով, պիւտճետային մուտքերը այս փոփոխութիւններու հետեւանքով կը կրճատուին շուրջ 2.7 մլր դրամով, բայց այն զգալիօրէն կը թեթեւցնէ քաղաքացիներու ընկերային կամ վարչական բեռը»,– ըսաւ Քոչարեան:

Բայց տուգանքները մեղմելուն զուգահեռ պիտի ներդրուին երթեւեկութեան անվտանգութիւնն ապահովող այլ միջոցներ` մասնաւորապէս` տուգանային միաւորներ:

Арцрун Ованнисян - Sputnik Արմենիա
Ի՞նչ զինուորական սարքեր ոչնչացուած են Հայաստանի մէջ. կը պարզաբանէ ՊՆ մամլոյ քարտուղարը

Ըսել է թէ`ոստիկանութիւնը կ’առաջարկէ խախտումներ ընող վարորդներուն պատժելու միաւորներու մեքենականութիւն  ներդնել: Յովհաննէս Քոչարեանի ներկայացմամբ` վարորդական իրաւունք ստացող վարորդին պիտի տրուի 9 միաւոր: Իւրաքանչիւր խախտում թոյլ տալու պարագային այդ միաւորները պիտի նուազին 0.5-4 միաւորի չափով` կախուած խախտման տեսակէն  ու ծանրութենէն:

Եթէ մէկ տարուան ընթացքին վարորդին տրուած 9 միաւորները սպառին, ան 6 ամիս ժամկէտով  կը զրկուի վարորդական իրաւունքէն: 6 ամիսը լրանալէն ետք վարորդական իրաւունքը կը վերականգնուի եւ դարձեալ կը տրուի 9 միաւոր: Երկրորդ 9 միաւորը մէկ տարուան ընթացքին սպառելու պարագային  վարորդը վարորդական իրաւունքէն կը զրկուի արդէն 1 տարի ժամկէտով, եւ վարորդական իրաւունքը կը վերականգնուի միայն քննութիւն յանձնելէ յետոյ:

Ի դէպ, վարորդական իրաւունքէն ժամանակաւորապէս զրկուած վարորդներուն իրաւունք կը տրուի մինչեւ ժամկէտի լրանալը տեսական քննութիւն յանձնել ու աւելի շուտ վերականգնել կորսնցուցած իրաւունքը: Ոստիկանութեան համոզմամբ`այս կարգը կը նպաստէ, որ վարորդները պարբերաբար թարմացնեն ՃԵԿ իրենց գիտելիքները:

Владимир Казимиров на заседании армяно-российского Лазаревского клуба (30 ноября 2018). Еревaн - Sputnik Արմենիա
Զինադադարէն 25 տարի ետք, հակամարտութեան գօտիին մէջ նախկինին նման կը հնչեն կրակոցներ

«Պատահարներու վիճակագրական տուեալները կը շարունակեն մնալ մտահոգիչ: Ակնյայտ է, որ տուգանքներու բարձրացումը, որ նախորդ տարիներուն իրաւախախտումներուն արձագանքելու գրեթէ միակ գործիքն էր, այլեւս ի զօրու չէ նուազեցնել պատահարներու թիւն ու մեղմել ատոնց հետեւանքները: Աւելին` ատոնց բարձրացումը ընկերային  լուրջ դժգոհութիւններու պատճառ  հանդիսացած է»,–ըսաւ Քոչարեան` միաժամանակ կարեւորելով վարորդներու գիտելիքներու բարձրացումը:

Ի դէպ, առաջարկուող օրէնքներով, անսթափ վիճակի մէջ վարելու համար գործող 150 000 տուգանքի փոխարէն պիտի սահմանուի 29 000 դրամ տուգանք, բայց միաժամանակ անսթափ վարորդէն  պիտի հանուի 4 տուգանային միաւոր: Իսկ մէկ տարուան ընթացքին խախտումը կրկնելու պարագային վարորդը 6 ամիսով կը զրկուի վարորդական իրաւունքէն: Իսկ եթէ անսթափ վարորդը հանրային փոխադրամիջոցի կամ թաքսի կը վարէ, ապա ան հէնց առաջին խախտման պարագային կը կորսնցնէ վարորդական իրաւունքը` 6 ամիսով:

Площадь Республики Армении - Sputnik Արմենիա
Մեսչեանը հետաքրքրուած է․ Հանրապետութեան հրապարակի ստորգետնեայ քաղաքը կը բանա՞ն

Միաւորներու հաշուարկը համապատասխանեցուած է այսօր գործող տուգանքներու չափերուն:

Այսպէս` 5000 տուգանք նախատեսող խախտումները կը հաշուարկուին 1 միաւորի չափով, 20-25 000 դրամանոց խախտումները` 2 միաւոր: 3 միաւորի խախտումները երկուքն են`  ինքնաշարժի հաշուառման համարանիշն այլ անձի յանձնելը եւ սահմանուած արագութիւնը 31-50 քմ/ժամ–ով գերազանցելը, որուն համար գործող օրէնքով նախատեսուած է 100 000 դրամ տուգանք: Իսկ 4 միաւոր կը հանուի սահմանուած արագութիւնը 51-80 քմ/ժամ–ով գերազանցելու եւ անսթափ վիճակի մէջ ինքնաշարժ վարելու համար:

«Յարգելի քաղաքացիներ, մի կորսնցնէք ձեր միաւորները» ,– նախագիծերու ներկայացումէն յետոյ քաղաքացիներուն կոչով դիմեց նիստը վարող ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան:

Երկարատեւ ու հանգամանալից քննարկումէ յետոյ կառավարութիւնը հաստատեց օրինագիծերու ծրագրաշարը, որ յառաջիկային կը ներկայացուի ԱԺ–ի հաստատման:

Լրահոս
0