Անին մասնագիտութեամբ լեզուաբան է, կ’աշխատի ՀՀ կառավարութեան մէջ, Էտուարտը դեռ ուսանող է, զուգահեռ կ’աշխատի հայաստանեան ապահովագրական ընկերութիւններէն մէկուն մէջ: Ընդհանուր ընկերներ չունին, դժուար թէ օր մը հանդիպէին, եթէ չըլլար փոքրիկ «երջանիկ» վթարը, որ 180 աստիճանով փոխեց երկուքին կեանքը:
«Ես երբեք չեմ հաւատացած նախախնամութեան, ճակատագրին, ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ` որ «ինչ որ պիտի ըլլայ կ’ըլլայ», բայց այդ միջադէպը փոխեց իմ վերաբերմունքս»,- կը խոստովանի Անին` յիշելով ընկերուհիներէն մէկուն հարսանիքը:
Ուրեմն, ինչպէս ընդունուած է, հարսիկը միշտ կը նետէ իր ծաղկեփունջը, չամուսնացած աղջիկները շարքով, կարգով կը կանգնին` հաւատքով, որ հէնց իրենք պիտի բռնեն այն եւ յաջորդ ամուսնացողն իրենք պիտի ըլլան:
«Երբեք շարքին մէջ չեմ կանգնած, ոչ մէկ անգամ… Այս անգամ ինծի, բառին բուն իմաստով, ուժով, հրելով, քաշելով տարին ու կանգնեցուցին շարքին մէջ»,- խորհրդաւոր օրուան մանրամասները կը յիշէ Անին եւ ծիծաղելով կը պատմէ, որ այս անգամ ինք ոչ թէ բռնեց ծաղկեփունջը, այլ այն հարուածեց դէմքին, եւ Անիին այլ բան չէր մնար, քան բնազդաբար բռնել ծաղկեփունջը:
Հարսանիքին յաջորդ օրը Անին կը շտապէր հարսանեաց սրահ` վերադարձնելու իր մեքենային մէջ մնացած «սինիներէն» մէկը, երբ այդ պատահեցաւ ուրիշ կին վարորդ մը հարուածեց Անիի մեքենան:
«Կը կարծէի, թէ աշխարհ փուլ եկաւ, ինքզինքս այնքան դժբախտ կը զգայի, կու լայի, որ աշխատանքէս ուշացայ, օրս փչացաւ, բոլոր գործերս իրար խառնուեցան»,- պատահարի օրուան զգացումները կը վերյիշէ Անին:
Այդ օրը Էտուարտի հերթափոխը չէր, այդ ժամուն ան պիտի չաշխատէր: Բայց քանի որ շատ վթարներ եղած էին, Էտուարտը որոշեց օգնել գործընկերներուն ու աւելի երկար աշխատիլ:
«Հասայ տեղ, վթարի երկու մասնակիցներն ալ կին էին, մեր յաճախորդը Անին էր: Պատահարին հետ կապուած խնդիր կար` ժամկէտներ եւ այլն, հետեւաբար, զուտ վթարին տեղը աշխատանքս չաւարտեցաւ, կը զանգահարէի Անիին, ինչ-որ հարցեր կը ճշդէի»,- կը պատմէ Էտուարտը:
Անին, ի հարկէ, համաձայն չէ Էտուարտի պատմութեան այն մասին հետ, թէ զուտ աշխատանքային պարտականութիւններէ ելլելով իրեն կը զանգահարէր․ վստահ է, որ Էտուարտի սրտին մէջ սիրոյ կայծը արդէն սկսած էր վթարին տեղը:
Էտուարտ Կարապետեանն ու Անի Ներսէսեանն արդէն նշանադրուած են եւ նշանակած իրենց ամուսնութեան օրը` նոյեմբեր 1-ը` երջանիկ պատահարին օրը: Վստահ են, որ եթէ երկու սրտեր պիտի հանդիպին, ապա հանդիպումն անպայման կը կայանայ` անգամ ամենաանսպասելի վայրի ու անցանկալի թուացող իրավիճակի մէջ: