00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
4 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
24 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
10:06
54 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:24
5 ր
Ուղիղ եթեր
12:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
5 ր
Նիկոլ Փաշինյան
Առաջին անգամ Հայաստանը և Ադրբեջանը սեղանի շուրջ հարց են լուծել․ Նիկոլ Փաշինյան
13:06
36 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
14:00
46 ր
Исторический ликбез
Первая биография Ивана IV. Кто и для кого ее писал?
15:04
24 ր
Исторический ликбез
Тиран или помазанник божий? Кем был Иван Грозный?
15:33
24 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Երկու կերպար խառնուած է մօտս` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է կրտսեր տղուս. Լիլիթ Աւագեան

© Sputnik / Aram NersesyanМама Арамаиса Микаеляна Лилит Авагян
Мама Арамаиса Микаеляна Лилит Авагян - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
«Բոլոր հերոսներուն ետեւը մայրեր կանգնած են» նախագիծին ծիրէն ներս Sputnik Արմենիան զրուցած է ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած Արամայիս Միքայէլեանի մօր` Լիլիթ Աւագեանի հետ: Տիկին Լիլիթը կը նշէ, որ Արամայիսէն յետոյ կոտրած են բոլոր ցանկութիւնները, սակայն յոյս ունի, որ գուցէ փոքր տղուն ամուսնացնելէն յետոյ տունը կը լեցուի, ապրելու ցանկութիւնը կը վերադառնայ:

Կարինէ Յարութիւնեան, Sputnik

Գորգագործ–նկարիչի կրթութիւն, յետոյ աշխատանք կարի արհեստանոցի մէջ, որուն ալ յաջորդած է մանկաբարձութիւն սորվիլը: Տիկին Լիլիթի ստացած կրթութիւնն ու աշխատանքը տարաբնոյթ  եղած են` մէկը միւսէն ծայրայեղ տարբեր, ինչպէս անոր կեանքը դասաւորուած է:

Столица Османской империи - Стамбул - Sputnik Արմենիա
Ո՞վ եղած է Թուրքիոյ առաջին հայ կին լրագրողը

Լիլիթ Աւագեան ծնած է Երեւան, մեծ գերդաստանի մէջ. Լիլիթի հայրը 6 քոյր եւ 5 եղբայր ունի, որոնք ալ արդէն իրենց երեխաներն ունին: Տիկին Լիլիթի մանկութիւնը հեքիաթի պէս  անցած է` մեծ գերդաստան, աշխոյժ հաւաքներ, որոնց ժամանակ երգն ու պարն անպակաս եղած են: Իւրաքանչիւր տօն` Վարդավառ, Խաղողօրհնէք, ընտանիքով նշելու ու բոլորն իրար գլխու հաւաքուելու առիթ  եղած է:

«Ընտանեկան աղմուկ-աղաղակը հաճելի երեւոյթ էր մեզի համար. հիմա ափսոսանքով կը յիշեմ այդ տարիները: Ինչքան մեծ էր մեր ազգութիւնը, այնքան համախմբուած էինք. իրար հետ  անցուցած ենք հնարաւոր բոլոր տօները: Հաւատացէք, որ անգամ չէինք ալ մտածեր ընկերային պայմաններու մասին, կարեւորը` բոլորս միասին էինք»,–կ’ըսէ տիկին Լիլիթը:

© Sputnik / Aram NersesyanԼիլիթ Աւագեան
Երկու կերպար խառնուած է մօտս` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է կրտսեր տղուս. Լիլիթ Աւագեան - Sputnik Արմենիա
Լիլիթ Աւագեան

Ան մանկութեան տարիներուն չէ ալ իմացած` ընկերային խնդիրն ինչ բան է, արդեօ՞ք իրենք ունին ֆինանսական խնդիրներ, քանի որ հայրը երբեք ցոյց չէ տուած, թէ ինչպէս  գումար կը վաստակէ: Հայրն ամէն ինչ ըրած է, որ չորս երեխաներն ալ կրթութիւն ստանան:

Сыновья Овсепа Киракосяна Эрик и Гегам - Sputnik Արմենիա
Ինչ է պատերազմի արժէքը, եւ ինչ է խաղաղութեան գինը. հարցուր 6-ամեայ Գեղամին

Լիլիթ Աւագեան նախ յաճախած է Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը, աւարտելէ ետք  պարապ չմնալու համար կարի արհեստանոցի մէջ  աշխատած է: Աշխատանքի ժամանակ թերթերէն մէկուն մէջ յայտարարութիւն  տեսած է, որ Բժշկական ուսումնարանին մէջ ընդունելութիւն կայ, եւ 10 օրուան մէջ anatomy պարապելով` ընդունուած է ուսումնարանի մանկաբարձութեան բաժինը: Համալսարանը աւարտելէ ետք  ստացած է գերազանցութեան վկայականն ու... ամուսնացած:

«Դասախօսներէս մէկը հիւանդանոցի մէջ կ’աշխատէր ու ինծի կը  համոզէր, որ աշխատիմ իմ մասնագիտութեամբ: Ծննդատան մէջ փորձնական աշխատանքի ժամանակ ուսանողներ կային, որ ծննդաբերութեան գործընթացը տեսնելուն կը խուսափէին, իսկ ես կը վայելէի այնտեղ անցուցած ժամերս: Կը մտածէի, թէ մայրերը ինչպէս  նոր կեանք  կու տան, նորածինը տեսնելու անոնց բերկրանքը կը  զգայի: Ուղղակի անբացատրելի զգացողութիւններ էին»,– կը պատմէ տիկին Լիլիթը:

Средняя школа имени Тиграна Меца села Птхунк - Sputnik Արմենիա
Հարս կը բերեն գիւղ, որ երեխաները գոնէ ուսուցիչ ունենան. մարզերու մէջ ուսուցիչի սով է

Քաղաքի, գերդաստանի աշխոյժ  կեանքէն ետք  տիկին Լիլիթ կ’ամուսնանայ ու  կ’երթայ Սիսիանի Գորայք գիւղ: Ան ամուսնուն` Գրիգոր Միքայէլեանի հետ ընտանիք  կազմած է իրենց հարեւաններէն մէկուն միջնորդութեամբ: Ամուսնանալէ ետք  տիկին Լիլիթ դժուարութեամբ, բայց արագ մտած  է գիւղական կեանք ու մերուած տեղի առօրեային հետ` անասուն պահած, կով կթած, պանիր պատրաստած... Հէնց գիւղին մէջ ալ պէտք  եկած է անոր ստացած երկու կրթութիւնը` տիկին Լիլիթը գիւղի «շտապօգնութիւն»-ն ու  ձեւաւորողը եղած է:

«ճիշդ է` ունէինք  բժիշկ, բայց ան Սիսիանէն կու գար` շաբաթը անգամ մը: Գիւղի առաջին բուժօգնութիւնն էի, աւելին` ով կ’երթար բժիշկի հետազօտման, անպայման պէտք է յետոյ իրենց թուղթերը բերէին ինծի, որ կարդայի ու իմ կարծիքս ըսէի: Զուգահեռ գիւղի դպրոցին կ’օգնէի` պաստառներ կը սարքէի, գունազարդէի: Բացի այդ, եթէ ինչ–որ մէկուն տունը առիթ ըլլար, կարկանդակի  ձեւաւորումը նոյնպէս ես կ’ընէի»,–կ’ըսէ տիկին Լիլիթը:

Երկու տղայ ունենալէն  ու անոնց մեծցնելէն յետոյ, սակայն, ընտանիքով կը տեղափոխուին Արմաւիրի Ոսկեհատ գիւղ, որպէսզի տղաները կարենան բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ: Աւանդոյթները չեն փոխուիր` Ոսկեհատի մէջ ալ մինչեւ չարաբաստիկ ապրիլեան պատերազմը տիկին Լիլիթը գիւղի առաջին բուժօգնութեան դերին մէջ էր : Ապրիլեան պատերազմն ընտանիքի առօրեան տակնուվրայ ըրաւ... 

Блогер Лилит Хачатурян - Sputnik Արմենիա
Կեանքը Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու մէջ, կամ նոր իրականութիւն` Բերքաբեր այցէն ետք

Այժմ տիկին Լիլիթը գիւղի դպրոցին մէջ կ’աշխատի` որպէս բուժքոյր: Կ’ըսէ` աշակերտներուն հետ շատ լաւ լեզու գտած է. երեխաներուն հետ շփման  քանի մը ժամերը կ’օգնեն, որ «կեանք վերադառնայ»: «Այն դասերէն, որ կը խուսափին, պատճառ կը բռնեն, որ լաւ  չեն զգար ու կու գան բուժկէտ: Մարտ 8–ին իրենց ձեռքով պատրաստած բացիկներ  նուիրած ինծի, որ ամենէն թանկարժէք նուէրէն ալ  թանկ է ինծի համար»,–կ’ըսէ տիկին Լիլիթը:

Մինչ այս` 2 տարի ան նաեւ «Արհեստագիտութիւն»  դասաւանդած է. կը խոստովանի, որ առարկան տարած է քանդակագործ տղուն` Արամայիսին գործի ուղղութեամբ: Աշակերտները, ինչ խօսք, սիրով փորագրութեամբ  զբաղուած են, աւելին` կարճ ժամանակ անց  երկու ցուցադրութիւն  կազմակերպած են, որոնցմէ մէկը  յուլիս 21–ին` Արամայիսի ծննդեան օրուան նուիրուած:

Երջանկութեան մասին խօսելուն` տիկին Լիլիթ կը նայի Արամայիսին նկարներուն: «Երջանկութեան իմաստն իրականութեան մէջ հասկցայ, երբ մայրացայ, երբ Արամայիսս լոյս աշխարհ եկաւ: Հիմա ուրիշ է, հիմա երջանկութեան իմաստը չեմ հասկնար: Կոտրած են բոլոր ցանկութիւններս: Գուցէ փոքր տղուս` Արսէնին կ’ամուսնացնեմ, տունս լեցուի, ապրելու ցանկութիւնը վերադառնայ...  Մօտ երկու կերպար  խառնուած է` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է ապրեցնէ իր երկրորդ տղուն»,–կ’ըսէ տիկին Լիլիթը:

© Sputnik / Aram NersesyanԼիլիթ Աւագեան
Երկու կերպար խառնուած է մօտս` որդեկորոյս մօր եւ մօր, որ պէտք է կրտսեր տղուս. Լիլիթ Աւագեան - Sputnik Արմենիա
Լիլիթ Աւագեան

Այժմ տիկին Լիլիթ մէկ ցանկութիւն ունի` ապրիլեան քառօրեային մասնակցած բոլոր տղաներուն համար յուշ–անկիւն ստեղծել: Անոր խօսքով` այն կրնայ ըլլալ նաեւ Եռաբլուրի մէջ կամ ուրիշ վայրի մը մէջ, բայց պէ՛տք է կեանքի կոչել.տղաները մոռնալ չի կարելի:

... Արամայիս Միքայէլեան զոհուած է 2016 թուականի ապրիլ 4-ին թշնամին ետ մղելու ընթացքին: Այդ տարուան յուլիս 21-ին ան կը դառնար 20 տարեկան:

Լրահոս
0