00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:30
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:37
23 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
10:08
32 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
8 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
9 ր
Աբովյան time
On air
18:27
33 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
7 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
09:31
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
10:00
46 ր
Վարդան Ոսկանյան
Արցախից խաղաղապահների դուրս գալը հազիվ թե կապակցված լինի օկուպացված տարածքներից Իրանի վրա հարձակման մասին լուրերի հետ։
10:41
7 ր
Ուղիղ եթեր
Ուրիշ նորություններ
10:47
5 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
17:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
18:00
46 ր
Ուղիղ եթեր
Լուրեր
19:00
46 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Նոպելեանի խայտառակութիւնը. ինչպէս հայ գիտնականի նորարարութիւնը վերագրուեցաւ ուրիշներուն

© Photo : stockНобелевская премия
Нобелевская премия - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Բժշկութեան պատմութեան ամենակարեւոր գիւտերէն մէկուն հեղինակը ծագումով հայ Ռայմոնտ Տամատեանն է: Ան կը համարուի (MRI) պատկերի ախտորոշման սարքի ստեղծողը, որ, սակայն, գիտութեան ոլորտին մէջ իր կատարած յեղափոխական գիւտին համար այդպէս ալ Նոպելեան մրցանակ չստացաւ:

ԱՄՆ ապրող Ռայմոնտ Տամատեան մանկութենէն կ’երազէր երաժիշտ դառնալ, առտուընէ երեկոյ ջութակը ձեռքն առած կը պարապէր, կը սորվէր , թէ ինչպէս կարելի է մատներով դպչիլ գործիքին, իսկ ծնուող հնչիւններով` հոգիի լարերուն: 8 տարի ան յաճախեց Ճուլիարտ յայտնի երաժշտական դպրոց, անտարբեր չէր նաեւ մարզանքի նկատմամբ, անգամ մասնակցած էր Տէյվիսի գաւաթի պատանեկան մրցաշարերուն: Սիրելի տատիկի երկարատեւ, ծանր հիւանդութիւնն ու մահը (կուրծքի քաղցկեղ) գլխիվայր փոխեցին երազանքներու ուղղութիւնը. ոչ թէ արուեստ, այլ գիտութիւն: Ռայմոնտ երդուեցաւ իր կեանքը նուիրել ուռուցքային հիւանդութիւններու դէմ պայքարին:

Мольфетта, город Италии - Sputnik Արմենիա
Հայկական երաժշտութիւնը տարբեր մշակոյթներու ներկայացուցիչները կը միաւորէ. տեսանիւթ

Անոր հայրը` Վահան Տամատեան (կինը` Օտէթ Եազըտճեան) հազարաւոր հայերու նման 1915-ի կոտորածէն յետոյ մազապուրծ ապաստան գտաւ Ամերիկայի մէջ: Ընտանիքը կ’ապրէր Նիւ Եորք նահանգի Մելվիլ փոքրիկ գիւղաքաղաքին մէջ:

Դպրոցն աւարտելէ յետոյ Ռայմոնտ կրթութիւնը շարունակեց Վիսքոնսինի համալսարանին մէջ` ստանալով մաթեմատիկայի գիծով պաքալաւրի, այնուհետեւ Ալպերթ Էյնշթէյնի անուան բժշկական քոլեջին մէջ` դոկտորի աստիճաններ: Ուսանելուն զուգահեռ Ռայմոնտ կ’աշխատէր նաեւ որպէս թենիսի մարզիչ: Ի դէպ, հէնց այդ աշխատանքի ժամանակ ալ ան կը հանդիպի ապագայ կնոջ` Տոնա Թերին, որուն հետ կ’ամուսնանայ բժշկական դպրոցն աւարտելէ յետոյ:

1971-ին, երբ ան Հարվըրտի համալսարանի ասպիրանտ էր, «Գիտութիւն» յայտնի ամսագիրին մէջ տպագրեց գիտական յօդուած մը, որուն մէջ կ’ըսուէր, որ ուռուցքները եւ սովորական հիւսուածքները տարբեր կերպ կ’արձագանքեն կորիզային մակնիսական դաշտին: Նման եզրահանգման ան եկած էր առնէտներու վրայ կատարուած հետազօտութիւններէն յետոյ, երբ առաջին անգամ բժշկութեան պատմութեան մէջ ան կը յաջողի իր մեթոտի կիրառմամբ առնէտի մօտ քաղցկեղ յայտնաբերել: Ան համոզուած էր, որ այդ մեքենականութիւնը կրնայ օգտագործուիլ մարդոց շրջանին մէջ քաղցկեղի վաղ ախտորոշման համար: 1972-ին ան առաջարկեց անցնել մարդու ամբողջ մարմնի սկանաւորում եւ յայտ ներկայացուց Սարք եւ մեթոտ` հիւսուածքներու մէջ քաղցկեղի յայտնաբերման համար արտօնագիր ստանալու համար, սակայն յայտը ներկայացնելէն միայն 2 տարի անց ան ստացաւ արտօնագիր` մակնիսական ոլորտին մէջ չարորակ նորագոյացութիւններու ախտորոշման համար:

Мама героя Апрельской войны Баграта Алексаняна Нарине Асрян - Sputnik Արմենիա
Կը խնդրեմ, այնպէս ընես` մայրս չլայ. ապրիլեանի տղաներէն Բագրատ Ալեքսանեանի վերջին տողերը

«Անոնք ինծի խելագար կը համարէին, երբ ես լսարանին կը ներկայացնէի անմիտ թուացող այն գաղափարը, որ մարդուն կարելի է դնել մակնիսի մէջ»,- յետագային կը պատմէ Տամատեան:

Քանի մը տարի անց ան կ’որոշէ սարքը փորձարկել արդէն մարդու վրայ․ որպէս գիտնական առաջին փորձը կ’որոշէ հէնց ինք իր վրայ կատարել, սակայն փորձն անյաջող արդիւնք կ’ունենայ, քանի որ, ինչպէս յետագային կը պարզուի, Տամատեանի մարմնի քաշը չափազանց մեծ էր, որպէսզի մակնիսական դաշտն ազդեր ատոր վրայ: Քանի մը տարի անց մեթոտը կը փորձարկուի անոր օգնականին վրայ, եւ վերջապէս գիտականօրէն կ’ապացուցուի Տամատեանի պնդումը: Անոր յայտնագործութիւնը կը համարուի բժշկական ախտորոշման ոլորտին մէջ ամենամեծ առաջընթացներէն մէկը: 1978-ին ան կը ստեղծէ սեփական ընկերութիւնը` «Fonar»-ը` (Magnetic Resonance Imaging) արտադրութեան համար:

Երևան-Վան ուղիղ չվերթ - Sputnik Արմենիա
Պատմական չուերթ Երեւանէն Վան. Հայաստանի 1–ին եւ վերջին մայրաքաղաքները 35 վայրկեան կը բաժնէ

Տամատեան արժանացած է բազմաթիւ բարձր եւ հեղինակաւոր պարգեւներու:

Անոր ստեղծած առաջին սարքաւորումը, որուն անուանած էին «անսանձելի» («Indomitable»), պահպանութեան յանձնուած է Ուաշինկթընի Սմիթսոնեան թանգարանին մէջ եւ այժմ կը ցուցադրուի Օհաիօ նահանգին մէջ գտնուող Գիւտերու փառքի Ազգային պատկերասրահին մէջ: 2001-ին ան արժանացաւ հեղինակաւոր Lemelson-MIT մրցանակային որպէս «մարդը, որ յայտնագործեց ՄՌՏ -ն»: Չնայած անոր համաշխարհային ճանաչման` 2003-ին ան չարժանացաւ Նոպելեան մրցանակի, փոխարէնը ՄՌՏ -ի ոլորտին մէջ կատարած գիւտին համար Նոպելեան մրցանակ ստացան երկու այլ գիտնականներ` Փիթըր Մենսֆիլդն ու Փոլ Լոտերբուրը, որոնց նորարարութիւնը հիմնուած էր Տամատեանի կատարած գիւտին վրայ: Թէպէտ Նոպելեանի մրցանակի կանոններով` արգիլուած չէ նոյն անուանակարգին մէջ յաղթող ճանչնալ 3 եւ աւելի մարդոց, բայց Տամատեանի պարագային նման որոշում չկայացուեցաւ:

Ատիկա դարձաւ Նոպելեան մրցանակի շուրջ հերթական մեծ թիւրիմացութիւնը, շատ գիտնականներ հանդէս եկան հրապարակային անհամաձայնութեան եւ բողոքի ելոյթներով, լոյս տեսան յօդուածներ «Նոպելեան անարդարութեան» մասին, հեղինակաւոր պարբերականներ, ինչպէս, օրինակ, «Նիւ Եորք Թայմս» ը, յօդուած հրապարակեց` փորձելով վերլուծել անարդարութեան հնարաւոր պատճառները: Նոպելեան կոմիտէի կայացուցած որոշման պատճառը ոմանք կը համարեն Տամատեանի «Երիտասարդ երկրագունդի ստեղծման» ուղղութեան դաւանումը, ըստ որուն, ինչպէս Հին Կտակարանին մէջ կ’ըսուի, երկիրը ստեղծուած է 6 օրուան մէջ: Սովորաբար այս ուղղութեան հետեւորդները 6 օրը կը հաւասարեցնեն 6000-7000 տարիներու:

Врата в Республиканский спелеотерапевтический центр - Sputnik Արմենիա
Հանրապետական անձաւաբուժական կեդրոնը կը բուժէ շնչուղիներու հիւանդութիւնը, դիւրազգացութիւնը

«Nuclear magnetic resonance առաջամարտիկները եւ magnetic resonance բժշկութեան մէջ» գիտական գիրքին մէջ հեղինակները գրեցին․

«Չըլլար Տամատեանի յայտնագործութիւնը, մենք չէինք իմանար, որ քաղցկեղի պէս լրջագոյն հիւանդութիւնները կարելի է յայտնաբերել ընդամէնը մակնիսական սարքի միջոցով»:

Ինքը` բժիշկ Ռայմոնտ Տամատեան, իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է․«Ես բացառիկ ներդրում կատարած եմ եւ ստացած առաջին արտօնագիրը․եթէ մարդիկ կը ցանկան փոխել պատմութիւնը, ես ատոր հետ ոչինչ կրնամ ընել»:

Չնայած գիտական շրջանակներուն մէջ բարձրացուած աղմուկին` Նոպելեան կոմիտէն այդպէս ալ որոշումը չփոխեց: 83-ամեայ գիտնականը կը շարունակէ ապրիլ ԱՄՆ, իսկ անոր կողմնակիցները յոյսերնին չեն կորսնցներ, որ օր մը Տամատեանի վաստակը կը գնահատուի Նոպելեան մրցանակով:

 

Լրահոս
0