00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
00:00
01:00
02:00
03:00
04:00
05:00
06:00
07:00
08:00
09:00
10:00
11:00
12:00
13:00
14:00
15:00
16:00
17:00
18:00
19:00
20:00
21:00
22:00
23:00
Ուղիղ եթեր
09:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
09:35
25 ր
Ուղիղ եթեր
10:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
10:07
52 ր
Ուղիղ եթեր
11:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
13:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
14:00
6 ր
Ուղիղ եթեր
17:00
5 ր
Ուղիղ եթեր
18:00
6 ր
5 րոպե Դուլյանի հետ
18:06
7 ր
Աբովյան time
On air
18:14
43 ր
Ուղիղ եթեր
19:00
5 ր
ԵրեկԱյսօր
Եթեր
ք. Երևան106.0
ք. Երևան106.0
ք. Գյումրի90.1

Գերմանացի Զուրէն Պիրկըն սիրահարուեցաւ տուտուկին, եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Սուրիկ Տուտուկեան

© Photo : provided by Soeren BirkeЗурен Бирке у скультуры дудукистов Ваче Овсепяна, Левона Мадояна и Дживана Гаспаряна
Зурен Бирке у скультуры дудукистов Ваче Овсепяна, Левона Мадояна и Дживана Гаспаряна - Sputnik Արմենիա
Բաժանորդագրվել
Գերմանացի Սուրոն սիրահարուած է տուտուկին, արդէն 8 անգամ եկած է Հայաստան, կ’երազէ տեսնել Արցախն ու Պեռլինի մէջ կազմակերպել հայկական երաժշտութեան փառատօն:

Զուրէն Պիրկըն ծնած է Գերմանիոյ Շթրալզունտ քաղաքին մէջ, մեծցած` գերմանալեհական սահմանին մօտ` Պեռլինէն հարիւր քմ հեռու: Գերմանիոյ մէջ շատ տարածուած է, որ երեխաները որեւէ արհեստ սորվին, այդպէս Զուրէնը, որուն ընկերները Զուրօ կ’ըսեն, սորվեցաւ փականագործութիւն, այնուհետեւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացաւ արուեստի եւ թատրոնի ուղղուածութեամբ: Հիմա մշակութային տան կատավարիչն ու գործադիր տնօրէնն է ու, որքան հնարաւոր է յաճախ, կը փորձէ երաժշտութեամբ զբաղուիլ` տուտուկ նուագել:

Տուտուկի հանդէպ Զուրոյի` բառերով չնկարագրուող սէրը ծնաւ 2000-ին, երբ Պեռլինի մեծ պաստառին դիտեց «Կլատիատոր» ֆիլմը:

© Photo : provided by Soeren BirkeՋիւան Գասպարեան, Զուրէն Պիրկըն
Գերմանացի Զուրէն Պիրկըն սիրահարուեցաւ տուտուկին, եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Սուրիկ Տուտուկեան - Sputnik Արմենիա
Ջիւան Գասպարեան, Զուրէն Պիրկըն

«Հատուած մը կայ, որ Ջիւան Գասպարեան տուտուկով Հանս Զիմերի երաժշտութիւնը կը նուագէ, ի հարկէ այս մանրամասները յետոյ իմացայ, բայց այդ շատ կարճ կտորը «դպաւ» սրտիս, հասաւ հոգիիս խորքը: Ատիկա շատ կարճ կտոր էր, բայց այնքան երաժշտութիւն կը պարուրէր, որ այն երկար թուեցաւ ինծի»,- կը պատմէ Զուրոն:

Висячий ресторан - Sputnik Արմենիա
Նախաճաշ կամ ընթրիք ամպերու ներքոյ. Երեւանի մէջ կը բացուի 1-ին կախովի ճաշարանը.լուսանկարներ

Կը խոստովանի, որ իրեն միշտ հետաքրքրած են փողային գործիքները, այն, թէ ինչպէս օդին մէջ յառաջացող տատանումները երաժշտութիւն կը ստեղծեն: Զուրոն փոքր տարիքէն շրթհարմոն եւ տարբեր գործիքներ նուագած է ու միշտ փորձած ոչ թէ պարզապէս նուագել, այլ կարենալ այդ երաժշտութեան մէջ «խորութիւն ստեղծել»: Հէնց այդ պատճառով էր, որ տուտուկի երաժշտութիւնն այդպէս սիրեց, ինչպէս ինք կ’ըսէ` «լաւ առումով` հարուածեց իրեն, կեանքը փոխեց»:

2000-ականներու սկիզբը համացանցը այդքան տարածուած չէր, տեղեկատուութիւնը, ինչպէս այսօր է, անսահման չէր, երբ մտքովդ անցածը կրնաս գտնել` որոնման դաշտին մէջ ընդամէնը 1 բառ գրելով: Զուրոն երկար ժամանակ որեւէ տեղեկատուութիւն տուտուկի մասին գտնել չկրցաւ: 2001-ին Աթէնքի մէջ երաժշտական խանութի մէջ տուտուկ մը գտաւ, գնեց, ոգեւորուած բերաւ հիւրանոցի համար, որ վերջապէս փորձէ կախարդական այդ գործիքը, սակայն տուտուկն այնքան անորակ էր, որ հէնց հիւրանոցին մէջ կոտրուեցաւ: Զուրոն կրկին մնաց առանց տուտուկի մինչեւ 2005, երբ պատահաբար փողոցի մէջ հանդիպեցաւ իր համադասարանցիին, որ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, թէ հայու հետ ամուսնացած է:

© Photo : provided by Soeren BirkeԶուրէն Պիրկըն
Գերմանացի Զուրէն Պիրկըն սիրահարուեցաւ տուտուկին, եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Սուրիկ Տուտուկեան - Sputnik Արմենիա
Զուրէն Պիրկըն

«Ես միանգամէն հարցուցի տուտուկի մասին: Ան ալ ինծի հրաւիրեց իրենց տուն` ըսելով, որ ամուսինը` Ռոպերթը, կ’օգնէ զիս: Ռոպերթն ալ ինծի ծանօթացուց Ռուզաննայի հետ (վերջինս Զուրոյի ստեղծագոծական կեանքին մէջ շատ մեծ դեր ունեցաւ), որուն տան մէջ առաջին անգամ Կոմիտաս լսեցի ու հէնց այդ պահուն որոշեցի, որ պէտք է գամ Հայաստան»,- կը յիշէ Զուրոն:

Мама героя Апрельской войны Баграта Алексаняна Нарине Асрян - Sputnik Արմենիա
Կը խնդրեմ, այնպէս ընես` մայրս չլայ. ապրիլեանի տղաներէն Բագրատ Ալեքսանեանի վերջին տողերը

Հանդիպումէն մէկ տարի անց` 2006-ին, առաջին անգամ ան եկաւ Հայաստան եւ վերջապէս գնեց իր առաջին տուտուկը:

«Ես շատ երկար ճանապարհ անցայ` 2000-2006, մինչեւ հասայ ուզածիս»:

Տուտուկով վերադարձաւ Պեռլին ու սկսաւ ինքնուրոյն պարապիլ: Զուրոյի կեանքը բոլորովին նոր ուղղութիւն ստացած էր` հիւսուելով տուտուկի երաժշտութեան շուրջ: 2009-ին ան Պեռլինի մէջ կազմակերպեց Ջիւան Գասպարեանի եւ Գէորգ Դաբաղեանի համերգը, վերջիններս նաեւ տուտուկ նուագելու « workshop » անցուցին:

Հիմա տուտուկը իւրօրինակ կամուրջ ստեղծած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ: Զուրոն տուտոկով յաճախ «sold out» համերգներ կ’ունենայ, եւ անոր երաժշտութիւնը միշտ շատ խորը տպաւորութիւն կը ձգէ մարդոց վրայ: Համերգէն յետոյ ներկաներէն շատերը կը մօտենան եւ կը հարցնեն, թէ ատիկա ինչ գործիք է.

«Ես կը սկսիմ պատմել Հայաստանի մասին, եւ միշտ անոնց կը հրաւիրեմ Հայաստան: Սա առաջին գործիքն է, որ այնպիսի տպաւորութիւնը ունիմ` ոչ թէ ես տուտուկ կը նուագեմ, այլ` տուտուկն ինծի: Ատիկա հրաշալի ապրում է»,-անկեղծութեամբ կ’ըսէ Զուրոն:

© Photo : provided by Soeren BirkeԶուրէն Պիրկըն
Գերմանացի Զուրէն Պիրկըն սիրահարուեցաւ տուտուկին, եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Սուրիկ Տուտուկեան - Sputnik Արմենիա
Զուրէն Պիրկըն

Վստահ է, որ երբ տուտուկով լրջօրէն կը զբաղուի, աւելին կը ստանայ, քան պարզապէս երաժշտութիւն:

Мольфетта, город Италии - Sputnik Արմենիա
Հայկական երաժշտութիւնը տարբեր մշակոյթներու ներկայացուցիչները կը միաւորէ. տեսանիւթ

«Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէս փայտի կտորէ կրնայ նման հնչողութիւն դուրս գալ, սա ինքն իրմով հրաշք է». Զուրոն չի կրնար տուտուկի ու ատոր ստեղծած երաժշտութեան մասին խօսիլ առանց հիացմունքի, ոչ զգացական: Տուտուկը զինք տուած է բազմաթիւ նոր ու հետաքրքիր նախագիծեր, նոր գաղափարներ: Իսկ վերջերս Պեռլինի մէջ Ռուզաննայի հետ (այն կնոջ, որուն հետ հանդիպումը ճակատագրական դարձաւ Զուրոյի համար, որովհետեւ անոր շնորհիւ ինք Հայաստան գտաւ) նաեւ Սայաթ-Նովային նուիրուած ձեռնարկ կազմակերպած էին, որուն ընթացքին գերմանացի բանաստեղծ մը թարգմանաբար ներկայացուց Սայաթ-Նովայի ստեղծագործութիւններէն մէկը, յաջորդ ձեռնարկը Կոմիտասի մասին պիտի ըլլայ:

Հիմնադրած են նաեւ «Պեռլին-Երեւան» երաժշտական նախագիծը, որուն ծիրէն ներս պարբերաբար նաեւ համերգներ կ’ունենան Հայաստանի մէջ, վերջին համերգն օրեր առաջ էր: Հիմա Զուրոն եւ ընկերները ֆիլմ կը նկարահանեն տուտուկի մասին, կը փորձեն բացայայտել, թէ ինչու տուտուկը հէնց Հայաստանի մէջ ծնած է, ինչու այն այդքան կը պատմէ հայերու պատմութիւնը: Կ’ըսէ, որ բացայայտումներու ճանապարհին պէտք է խորանալ ամբողջ տարածաշրջանի պատմութեան մէջ, ուսումնասիրել հայոց պատմութիւնը` հասկնալու համար, թէ ուրկէ է տուտուկի ձայնի այդ խորութիւնը եւ ինչպէս տուտուկի հնչիւններու մէջ կը լսուի հայերու ճակատագիրը:

© Photo : provided by Soeren BirkeՋիւան Գասպարեան, Զուրէն Պիրկըն
Գերմանացի Զուրէն Պիրկըն սիրահարուեցաւ տուտուկին, եկաւ Հայաստան եւ դարձաւ Սուրիկ Տուտուկեան - Sputnik Արմենիա
Ջիւան Գասպարեան, Զուրէն Պիրկըն

«Տուտուկը բացաւ մեծ դուռ դէպի հայերու հոգին հասկնալը: Երբ ես առաջին անգամ եկայ Հայաստան, հասկցայ, որ սա ինծի համար գտնուած երկրորդ հայրենիքն է, այս մշակոյթը, երկիրն աւելի շատ բան ունին ինծի փոխանցելու, քան եթէ Եւրոպայի մէջ ինչ-որ հետաքրքիր տեղ երթամ: Ես ատոր համար Տուտուկին շնորհակալ եմ»,- կ’ըսէ եւ կ’աւելցնէ, որ շատ այդ մասին խօսած է նաեւ Ջիւան Գասպարեանի եւ Գէորգ Դաբաղեանի հետ, անոնք ալ շեշտած են Զուրոյի զգացածը` տուտուկի կապը երկրի եւ տիեզերքի հետ:

Мертвое озеро в Ереване - Sputnik Արմենիա
Հայերը կը սիրեն չափազանցել ու հանգստանալ, կամ ի՞նչ գիտենք Երեւանի «մեռեալ ծովի» մասին

«Հայերը շատ իւրայատուկ ապրելաձեւ ու կեանքի փիլիսոփայութիւն ունին, բացսիրտ են, բայց նաեւ դիմակայելու, պայքարելու ուժ ունին, իմաստուն են. այդ ամէնն ինծի տուտուկը պատմած է: Ինծի համար տուտուկ նուագելը կեանքի շատ մեծ նուէր է»:

Զուրոյին Գէորգ Դաբաղեան հայկական անուն տուած է Սուրիկ Տուտուկեան, Հայաստանի մէջ զինք բոլորը կը դիմեն Սուրօ կամ Սուրէն, հայերու հետ ծանօթանալուն այդպէս ալ կը ներկայանայ` Սուրօ:

Զուրոն կը հասկնայ, որ օտար երկրի մէջ տուտուկ նուագելը կը նշանակէ նաեւ հայկական երաժշտութեան ու Հայաստանի դեսպան ըլլալը, որ իրեն համար պատասխանատուութիւն եւ պարտականութիւն է:

Զուրոն արդէն հասցուցած է 8 անգամ այցելել Հայաստան: Կ’ըսէ, որ երբ «Կլատիատոր» ֆիլմին մէջ լսեց տուտուկի հնչիւնները, գիտէր, որ աշխարհի մէջ Հայաստան անունով երկիր մը կայ, այնպէս, ինչպէս գիտէր, որ Ճափոն գոյութիւն ունի, Արամ Խաչատրեանի մասին լսած էր, բայց ատկէ աւելի չէր գիտեր, Հայաստանն ալ շատ հեռու կը թուէր, հիմա այնքան մօտ դարձած է, որ կը թուի, թէ «ուիքենտ տուրի» կարելի է երթալ:

Երբ տուտուկի մասին ֆիլմը պատրաստ ըլլայ, ընկերներուն հետ պիտի գայ Հայաստան, բնականաբար, ֆիլմի անդրանիկ ելոյթը այստեղ պիտի ըլլայ: Յաջորդ այցելութեան շատ կ’ուզէ Արցախ տեսնել: Արցախ տեսնելէն բացի իր ամենամեծ երազանքներէն մէկը Պեռլինի մէջ հայկական երաժշտութեան փառատօն կազմակերպելն է. գիտէ, որ հեշտ պիտի չըլլայ, բայց հեշտ չէր նաեւ բացայայտել տուտուկի երաժշտութիւնը, ատոր շնորհիւ գտնել երկրորդ հայրենիք:

Լրահոս
0